ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՅԱՄԼԵՏ ԽԱՉԱՏՐՅԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԷՆ ԱՐԶԱԿՈՒԱԾ Է
6-03-2007
Հաւաստի աղբիւրներուն համաձայն կը տեղեկանանք որ Քաշաթաղի շրջանի ղեկավար Յամլետ Խաչատրյանը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան որոշմամբ պաշտօնազուրկ եղած է:
Ըստ Հետք Online-ին, իր փոխարինորդը նշանակուած է Պրն. Էռնեստ Ղեւոնդյանը, որը անցեալին «Արցախ» կոմիտէի ղեկավար եղած է:
Տակաւին կանուխ է ըսելու թէ Քաշաթաղի շրջանի ղեկավարի հեռացումով էապէս բան մը փոխած պիտի ըլլայ թէ ոչ: Թէ Քաշաթաղի բազում նեղութիւններ քաշած բնակիչները, թէ ալ իրենցմով մտահոգուած հայութիւնը, անհամբեր կը սպասեն դրական արդիւնքներ որպէս հետեւանք: Այլապէս գանգանտները եւ բողոքագրերը ԼՂՀ-ի ղեկավարութեանն ուղղուած վերստին պիտի տեղան:
0 Comments:
Post a Comment
<< Home