February 24, 2007

ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԼԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏ ՄԸ ԵՒՍ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻՆ

Կուզենք մեր կարդացողներուն ներկայացնել յետեւեալ " Հրաժեշտի Նամակ " ուղղուած Հրանդ Դինքին: Մեր ձեռքը նոր անցած այս յուզիչ գրութիւնը մեզ բոլորիս վրայ մեծ ազդեցութիւն թողուց:

ՆԱՄԱԿ ' ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻՆ
Սիրելի Հրանդ,
Կը հաւատամ, որ արդէն ջուրը իր հունը գտած է, եւ դուն գտած ես անոնք, զորս մենք կորցնցուցած ենք 92 տարի առաջ: Քեզմէ խնդրանքներ ունիմ:
Իմ կողմէ ողջագուրէ Գրիգոր Զօհրապը: Ըսէ անոր, որ իր նորավէպերը կը կարդամ: Ողջոյններս փոխանցէ Դանիէլ Վարուժանին: Ըսէ անոր, որ ան իր բանաստեղծութիւններով լուսաւորեց պատանեկութիւնս: Հրանդ, մի մոռնար Սիամանթոյին հետ յոյսի երգեր երգելու:
Ըսէ անոնց, որ անոնք մեր դարաններուն վրայ են, անոնք մեր գրասեղաններուն վրայ են, անոնց խօսքերն ու բառերը մեր շրթներուն վրայ են ու հոգիներուն մէջ:
Ըսէ անոնց որ...Օր մը անոնց արձանները, նաեւ քուկդ, պիտի կանգնեցուին Պոլսոյ մեջ:
Մի մոռնար Կոմիտասին հետ աղօթելու եւ ըսէ անոր, որ օր մը հայ կիները կրկին պիտի երգեն Անատոլուի գիւղերուն մէջ:
Հաճիս, գտիր մեծ հայրերս: Ըսէ անոնց, որ մենք իրենց անունները ու սէրը կը տանինք մեզի հետ հոն, ուրկէ անոնք երբէք չեն հեռացած եւ զոր մենք երբէք չենք տեսած:
Հրանդ, համբուրէ օրհնեալ ճակատները 1915-ի Մեծ Եղեռնի իւրաքանչիւր նահատակի:
Ըսէ անոնց, որ մենք մեզի հետ կը տանիք իրենց անունները ու սէրը այն հողին նկատմամբ, զոր երբէք չլքեցին, իսկ մենք երբէք չտեսանք:
Ըսէ անոնց, որ անապատները պիտի ծաղկեցնենք իրենց յիշատակներու բուրմունքով:
Ըսէ անոնց, որ Թալէաթէն մինչեւ Սամասթ' մենք վերապրողներ ենք:
Ըսէ անոնց, որ բոլորս Զօհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ, Կոմիտաս եւ Հրանդ ենք:
Սիրով'
Խաչիկ Մուրատեան

0 Comments:

Post a Comment

<< Home